2015-06-15 12:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ՌՈԱՔՕ-ի ժողովականներուն` Հայաստանը քրիստոնէութեան օրրանն է։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 15 յունիս 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի գրասենեակին մէջ նախ ընդունեց Քոլոմպիայի հանրապետութեան նախագահ Տիար Խուան Մանուէլ Սանթոս ու անոր ընկերացող շքախումբը ապա ընդունեց  Մոսկուայի Պատրիարքութեան եկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի նախագահ` Մետրոպոլիտ Հիլարիոն Տէ Վոլոքոլամսքը որմէ ետք ընդունեց գերապայծառ Ֆորթունաթուս Նուաչուքուու Նիքարակուայի մօտ առաքելական նուիրակ եւ Լատին Ամերիկայի ''Պանքօ Տէ Տէզարրոլոյի'' դրամատան նախագահ` Տիար Էնրիք Կարսիան։

Ժամը 12-ին Սրբազան Հայրը, Քլեմենթինա Սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան ՌՈԱՔՕ բարեսիրական կազմակերպութեան ժողովի մասնակիցները որոնց շարքին էր նաեւ Հայաստանի Վրաստանի Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Արհ Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանը,  հուսկ ընդունեց Չեխ հանրապետութենէն պատուիրակութիւն մը, որ Հռոմ ժամանած է` Եան Հուսի  մահուան 600 տարեդարձին առթիւ։

ՌՈԱՔՕ բարեսիրական կազմակերպութեան ժողովի մասնակիցներուն ուղղած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով ներկաները նշեց անցեալ տարուայ հանդիպումը որ տեղի ունեցած էր Սուրբ Երկիր կատարած իր առաքելական ճամբորդութեան եւ վատիկանի մէջ կայացած խաղաղութեան աղերսի նախօրեակին։

Ամէնքս – ըսաւ Սրբազան Հայրը -  յուսացինք որ հաշտութեան սերմը իր պտուղները տար, անդրադառնալով Միջին Արեւելքի աղէտալի իրավիճակին որ ''մեզի կը թուի ըլլալ` անվերջանալի ցուրտ ձմեռ մը եւ մարդոց սրտին մէջ սառոյց''։

Այդ մարզերու հողերուն վրայ կան ապաստան փնտռողներուն հետքերը ու բազմաթիւ այրերու եւ կիներու արիւնը որոնց շարքին`  իրենց հաւատքին համար հալածուած բազմաթիւ քրիստոնեաներ։ ''Այս կը ներկայացնէ Արեւելքի եկեղեցիներու զաւակներուն ու անոնց հովիւներուն առօրեայ փորձառութիւնը'', ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, անդրադառնալով ՌՈԱՔՕ-ի պատուիրակութեան Իրաք կատարած մէկ առաքելութեան ու անոնց տածած աշխատանքին ի սպաս գաղթականներուն եւ փախստականներուն ու հաստատելով թէ ամէն բարեգործական աշխատանք պէտք է վերածնի Տիրոջ օրհնութենէն ու մէջբերելով  Յոբելենական Տարւոյն հռչակման իր կոնդակէն այս հաատուածը ''Մեր աչքերը բանանք դիտելու աշխարհի խեղճութիւնները, իրենց արժանապատուութիւնէն զրկուած մեր բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու վէրքերը, ու մենք մեզ հրահրուած զգանք մտիկ ընելու անոնց օգնութիւն հայցող աղաղակը։ Մեր ձեռքերը միանան անոնց ձեռքերուն զանոնք մեզի սեղմենք որպէսզի զգան մեր ներկայութեան, բարեկամութեան եւ եղբայրութեան ջերմութիւնը։ Թող անոնց աղաղակը դառնայ մերը ու միասնաբար կարենանք յաղթահարել անտարբերութեան պատնէշը որ յաճախ կը տիրապետէ թաքնուած կեղծաւորութեան ու եսասիրութեան  երեւոյթներու տակ։ 

''Այս ամիսներու ողբերգական իրողութեան դիմաց կը թուի թէ աշխարհը խղճի պոռթկում մը ունեցաւ ու բացաւ իր աչքերը, անդրադառնալով Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան դարաւոր ներկայութեան'', ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով թէ աւելի ջանք պէտք է թափուի ''որպէսզի հազարաւոր ընտանիքներու - կիներ­, այրեր, մանուկներ ու ծերեր - կեանքը աւելի նուազ չի կշռէ քարիւղէն եւ զէնքերէն ու դատապարտեց այն իրողութիւն թէ ''մինչ կը հռչակուի խաղութիւնն ու արդարութիւնը­, մահուան վաճառականներու թոյլ կը տրուի շարունակել իրենց գործունէութիւնը այս հողերուն վրայ''։

Սրբազան Հայրը քաջալերեց ներկաները  շարունակելու քրիստոնէական սիրոյն ծառայութիւնը ու  դատապարտելու այն ինչ որ ոտնակոխ կ՛ընէ մարդու արժանապատուութիւնը։

Ան ապա անդրադարձաւ ՌՈԱՔՕ-ի նիստերու յատուկ ուշադրութեան յանձնուած` Եթովպիայի Էրիթերիայի եւ Հայաստանի եկեղեցիներուն. ''Դուք ըսաւ Քահանայապետը կրնաք օգնել այս հինաւուրց եկեղեցիներու քրիստոնէական հասարակութիւններուն, որպէս մաս աւետարանութեան առաքելութեան, ու անոնց ու յատկապէս երիտասարդներուն դիմաց բանալու յոյսի եւ զարգացումի հորիզոններ։

Հայաստանը – ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը, մկրտութիւնն ընդունող առաջին ազգի օրրանը, պահապան է` մշակոյթի, հաւատքի ու մարտիրոսութեան վեհանձն պատմութեան մը։ Եկեղեցւոյ նեցուկը այդ հողամասին կը սատարէ Քրիստոսի բոլոր հաւատացեալներու տեսանելի միութեան ուղեւորութեան։ Թող նոր սերունդը կարենայ բացուիլ նոր եւ աւելի լաւ ապագայի մը` ու շատերուն զոհաբերումը դառնայ սերմ արդարութեան  եւ խաղաղութեան – յարեց Սրբազան Հայրը մէջբերելով անցեալ 12 ապրիլին` Հայ ազգին ուղղած պատգամէն սոյն հատուածը ու ապա խօսքը եզրափակեց Սուրբ Եփրեմի խօսքերով Արեւելեան կաթողիկէ Եկեղեցիներու վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւնը ու շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն իրենց տածած աշխատանքին համար ու անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.